image

Արեւմուտքը կը ձգտի տրոհել ու պառակտել նախկին խորհրդային տարածքը. Լաւրով

Արեւմուտքը կը ձգտի տրոհել ու պառակտել նախկին խորհրդային տարածքը. Լաւրով

Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ոչ մէկ պետութիւն պաշտպանուած է Միացեալ Նահանգներու միջամտութենէն։ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովն այս յայտարարութիւնն ըրած է Մոսկուայի մէջ՝ ելոյթ ունենալով Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան անդամ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման։

Անոր խօսքով` Արեւմուտքի նպատակը նախկին խորհրդային տարածքի հետագայ մասնատումն է։

«Գաղտնիք չէ, որ «բաժնիր, որ տիրես» փիլիսոփայութիւնն աշխուժօրէն կ'օգտագործուի Արեւմուտքի կողմէ՝ նախկին Խորհրդային Միութեան երկրներու պարագային: Նպատակը շատ պարզ է՝ աւելի տրոհել յետխորհրդային տարածքը, պառակտել մեր երկիրները եւ ժողովուրդները»,- աւելցուցած է Լաւրով։

Ան համոզուած է, որ նման կործանարար քաղաքականութեան ամենավառ ապացոյցը Ուքրանիան հակառուսական զինադաշտ դարձնելն է։ Ան կը կարծէ, որ Ուաշինկթընը, Լոնտոնը, Պրիւքսէլը չեն թաքցներ, որ մտադիր են շարունակել մասնակցիլ Ռուսիոյ դէմ պայքարին` մարտի դաշտին մէջ ուքրանացիներու ձեռքերով ու կեանքերով, որոնց կը դիտարկեն բացառապէս որպէս «թնդանօթի միս»։