image

Արեւմտեան Թեմը իր գործունէութեան տարերքին մէջ (Լուսանկար)

Արեւմտեան Թեմը իր գործունէութեան տարերքին մէջ (Լուսանկար)

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը  խոհեմ եւ հեռատես Հոգեւոր ղեկավարի Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի գլխաւորութեամբ կը շարունակէ իր ծաւալուն գործունէութիւնը։

 

 Այս առումով ալ օրերս «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, որ ամեակին առթիւ Թեմը որոշած է մեծահասակ եւ յատուկ խնամքի արժանի հայրենակիցներու խնամքին համար արդիական կեդրոն մը կառուցել Արիզոնա շրջանին մէջ։

 

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսենք Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդական Դիւանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։

 

Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հիմնադրման 95 ամեակի յոբելենական յաղթարշաւը մինչեւ Արիզոնայի տաք անապատները հասած է՝ Սբ․ Աբգար Եկեղեցի, որու ընդարձակ կալուածի վրայ, «Մկրտիչեան Տարեցներու Կեդրոն»ի հարեւանութեամբ մասնագիտացուած խնամքի նոր կեդրոն մը պիտի վեր խոյանայ։

 

Արդէն իսկ առկայ արդիական շինութեան կողքին այս եռայարկ նորակառոյցը իր առանձնասենեակներով պիտի ծառայէ տարբեր աստիճանի մարմնական եւ շարժողական դժուարութիւններ ունեցող տարեցներուն, ինչպէս նաեւ՝ յիշողութեան կորուստով տառապողներուն։ Անշուշտ, տարեցներու խնամքը պիտի ըլլայ մասնագէտ բժիշկներու եւ անձնակազմի հոգատար վերահսկողութեան ներքոյ։

 

Սբ․ Աբգար Եկեղեցւոյ կից մասնագիտացուած խնամքի այս կեդրոնը մեր քրիստոնէական հաւատքի առհաւատչեան է, պատուիրանապահութեան դրսեւորումը եւ յարգանքի տուրքը մեր տարեց հայրերուն եւ մայրերուն։

 

Վստահ ենք, որ կարճ ժամանակ յետոյ այս նուիրական հաստատութիւնը պիտի դառնայ բարութեան եւ յոյսի ովասիս Արիզոնայի շրջանի մէջ ոչ միայն հայ համայնքի, այլ նաեւ՝ ուրիշներու համար։

Հազար փառք Աստուծոյ այս մեծ նուաճումին համար։