image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմտեան թեմ. Նիւթական աջակցութիւն Հալէպի աշակերտներուն

 Արեւմտեան թեմ. Նիւթական աջակցութիւն Հալէպի աշակերտներուն

Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները կը շարունակեն «գոյութեան պայքար» մը տանիլ։ Այս առումով ալ ուշագրաւ յանձանռութիւն մը ստանձնած է Ամն Արեւմտեան Թեմը, որ կը շարունակէ նիւթական աջակցութիւն տրամադրել Մերձաւոր Արեւելքի մասնաւորապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական համայնքներուն։

Օրերս այս մասին ալ գրառում մը կատարած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, որ նաեւ նշած է, թէ նիւթական երեւելի աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հալէպի հայկական վարժարաններուն եւ աշակերտութեան։

Ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Սրբազան Հօր այդ գրառումը՝ 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» հռչակումը մեզ կը հարկադրէ՝ զանազան դաշտերէ ներս եւ այլազան հանգրուաններով ու միջոցներով զօրակցիլ ոչ սովորական կառոյց՝ Հայ Դպրոցին: 

Հայ Դպրոց, որ, ըստ էութեան, ոգեղէն կաճառ ու կրթութեան տաճար է, ըլլալով հանդերձ Հայ Սփիւռքի կեանքէն ներս ոգի, ընթացք ու գոյութենական շարժում, այլեւ առհաւատչեայ երաշխիք, մանաւանդ եզակի ու անկրկնելի դերակատար՝ հայապահպանման յոյժ կարեւոր եւ այնքան գովելի ազգային մեր վսեմ առաքելութեան մէջ: 

Այսօր, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցանք Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի հետ եւ տեղեկացանք սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ապա աւելի մօտէն հաղորդ դարձանք Սուրիոյ տարածքին Հայ Դպրոցի անձկագին վիճակին մասին: Մեր զրոյցի ընթացքին, յանուն Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդանի, ստանձնեցինք հովանաւորութիւնը Սուրիոյ Ազգ. Վարժարաններ յաճախող կարիքաւոր 100 աշակերտներու կրթաթոշակներու, 2022-2023 տարեշրջանի համար: 

Մեծ Պահոց այս օրհնեալ օրերուն, մարդասիրական առաքելութիւնը պէտք է կեդրոնական տեղ գրաւէ համայն հայութեան կեանքէն ներս: Այս նպատակով հրաւէր կ՛ուղղենք Արեւմտեան Ամերիկայի հայորդւոցն, որ զօրակցական քրիստոնէական ձեռք երկարեն միջին արեւելեան հայ գաղութներ եւ ըստ կարելւոյն թեթեւցնեն տեղւոյն հայութեան ապրուստի, կրթական եւ այլ տեսակի բազում հոգեր: