Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու հիմնաւոր թեմերու՝ Հիւսիսային ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի երկու առաջնորդներու ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի հանդիպումը տեղի ունեցած է։
«Արեւելք»ի հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ սոյն հանդիպումը առաջինն էր իր տեսակին մէջ, քանի Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Նորերս ստանձնած էր Կիլիկեան Աթոռի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդի պաշտօնը։
Ստորեւ այդ մասին եղած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան եւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան:
Քրիստոսով եղբայրացած առաջնորդներու հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. արծարծուեցան հայ կեանքը յուզող հարցեր եւ փոխանակուեցան միտքեր, որոնց առանցքը հանդիսացան յաւելեալ գործակցութեան համար նոր հասարակ յայտարարներ գտնել եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հայկական ներկայութիւնը աւելի եւս ամրապնդել յատկապէս հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ մարդասիրական մակարդակներու վրայ:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութեամբ ընդունեց Յովնան Արքեպիսկոպոսի շնորհաւորութիւններն ու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ծառայութեան մէջ յաջողութեան մաղթանքները եւ, փոխադարձաբար, անոր մաղթեց յաւելեալ ուժ, կորով եւ տոկունութիւն իր հովուական առաքելութեան մէջ: