image

Արեւելահայերէնի դասական ուղղագրութիւնը գերի դարձած մինչեւ ե՞րբ

Արեւելահայերէնի դասական ուղղագրութիւնը գերի դարձած  մինչեւ  ե՞րբ

Դասական ուղղագրութեան վերահաստատման մէջ ո՛չ քաղաքականութիւն կայ եւ ո՛չ ալ տնտեսական արգելք, ո՛չ ընկերային կարգերու խախտում եւ ո՛չ անհարկի մտահոգութիւն։

 

Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան կը գրէ ՝

Մինչեւ Ե՞րբ

Արեւելահայ լեզուն տակաւին ինքնարժեւորման կը սպասէ, այս անգամ իրեն վերադարձնելով հայերէն լեզուի իր կորսնցուցած դասական ուղղագրութիւնը որմէ զրկուած է Սովետական կարգերու հաստատումէն ի վեր։ Կարգերը գացին եւ դասական ուղղագրութիւնը ու մասամբ նաեւ բառամթերքը զոհ գացին ու նոյն տեղը մնացին կարգերու փլուզումէն ետքն իսկ։ Արեւելահայերէն լեզուն բիւրեղ, մաքուր եւ դասական ուղղագրութեամբ օժտուած լեզուն էր մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ պատկառելի գիրքեր եւ ամսագիրներ Հայաստանի մէջ կը շարադրուէին արեւելահայերէն ջինջ լեզուով, զուտ հայերէն բառամթերքով, ճիշդ այնպէս ինչպէս արեւմտահայերէնը կը ջանայ պահել ինքզինք արտասահմանի մէջ մինչեւ այսօր դասական ուղղագրութեամբ՝ ի նպաստ արտասահմանի հայութեան դիմադրելով բազում դժուարութիւններ։

 

Հիմքը՝ Ս. Գիրքի Թարգմանութիւնը

Եղած հարցադրութեանց պատասխանները լաւ գիտենք։ Չենք կրնար առարկել։ Հայկական պետութիւն մը որ ստիպուեցաւ սերունդներ դաստիարակել անհարազատ բառամթերքով եւ անընդունելի ուղղագրութեամբ, մասնաւորաբար Սովետական շրջանի առաջին երեք տասնամեակներուն, ի՞նչպէս պիտի թօթափէր իր վրայէն միս եւ ոսկոր դարձած արեւելահայերէնի զարտուղի զարգացումները՝ բառամթերքն ու աղաւաղեալ բռնազբօսիկ ուղղագրութիւնը։ Սակայն հարկ է գիտակցիլ որ Ոսկեդարեան հայերէն գրաւոր լեզուն, որուն հիմն է գրաբարը դարեր շարունակ իր հոյակերտ ու անընդմէջ գործածութեամբ, Սուրբ Գիրքի թարգմանութենէն սկսեալ եւ հայ պատմագրութեամբ ճոխացած, ունի իր «անձնագիրը», իր քերականական կառոյցովն ու դասական ուղղագրութեամբ, որոնք հիմքը կը կազմեն մեր լեզուի գոյատեւման ու միասնական շարունակականութեան, եթէ միայն անաղարտ կարենանք պահել զայն։

 

Անվերադարձ Նահանջ

Գիտենք որ անցնող հարիւրամեակին Հայաստանի տարածքին սերունդներ խօսեցան հայերէն լեզուով ու անով գրականութիւն հասցուցին իրենց մեկնաբանութեամբ։ Այլընտրանք չկար։ Գիտնալու ենք նաեւ որ Սովետական առաջին տասնամեակներուն արեւելահայերէնի գրաւոր գործածութիւնը Հայաստանի մէջ անվերադարձ նահանջ մը արձանագրեց։ Այդ նահանջին դիմաց սակայն ռահվիրայ ախոյեաններ պատնէշին վրայ մնացին որոնցմէ մի քանին հիացումով կ՛ուզեմ վկայակոչել այստեղ։ Անոնք անցեալի եւ ապագայի արեւելահայերէնի ջահակիրները եղան կամրջելով զանոնք առանց սակայն ժառանգելու ժանգն ու բարդոյթը եղծանուած արեւելահայերէնին։ Ահա այդ հսկաներէն չորս հեղինակութիւններ։

 

Փրոֆ. Յակոբ Մանանդեան

Երբ ուզենք թղթատել մեծ պատմագէտ Փրոֆ. Յակոբ Մանանդեանի 1934 թուին Երեւան հրատարակած «Ֆէոտալիզմը Հին Հայաստանում» մեծարժէք գործը, հոն պիտի տեսնենք արեւելահայերէն լեզուի ուղղագրութեան ամենէն յոռի հետքերը, հակառակ հատորին անբաղդատելիօրէն ինքնատիպ, արժեքաւոր եւ աննախընթաց բովանդակութեան։ Պարզ «եւ» շաղկապը, օրինակի համար, հոն եղած է «յեվ» ու Երեւանը` «Յերեվան» տխուր ժամանակներու իբրեւ պարտադիր հետեւանք։

Աւելի ուշ, նոյն Փրոֆ. Մանանդեանի գերազանց հատորները, տպուած Երեւան 1952 եւ յաջորդող տարիներուն, ծանօթ որպէս «Քննական Տեսութիւն Հայ Ժողովրդի Պատմութեան», եկան հաստատելու որ դասական ուղղագրութիւնը վերականգնումի ճամբուն վրայ կը գտնուէր, որքան ատեն որ յառաջդիմութիւն կը տեսնուէր հեղինակին առաջին եւ վերջին գիրքերու լեզուին, բառամթերքին ու մանաւանդ ուղղագրութեան վերաբերմամբ։ Մանանդեան որպէս հարազատ հայերէնագէտ ու հեղինակաւոր պատմաբան, ի պատիւ իրեն, հարկ է հաստատել որ այնքան բիւրեղացուցած է իր վերջին հատորներուն արեւելահայերէն լեզուն, կիսով նուազեցնելով անցեալի նահանջը եւ բացառիկ յառաջդիմութիւն արձանագրելով։ Մանանդեան հայերէն լեզուի հարազատ բառամթերքը վերադարձուց հարիւր տոկոսով։ Իր վերջին հատորներուն մէջ ոչ մէկ օտարամուտ բառ կը գտնէք։ 

 

Վեհափառ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ձեռագրագէտ եւ արուեստաբան մեծ Հայրապետը Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսութեան օրերէն խմբագրած էր Մայր Աթոռի «Արարատ» ամսագիրը մաքուր արեւելահայերէնով եւ դասական կատարեալ ուղղագրութեամբ։ Իր մեծարժէք հատորները հրատարակեց արտասահմանի մէջ, Երուսաղէմ՝ «Խաղբակեանք կամ Պռոշանք Հայոց Պատմութեան Մէջ» զոյգ հատորները, եւ Անթիլիասի մէջ «Յիշատակարանք Ձեռագրաց» մեծադիր հատորն ու «Դէպի Լոյս եւ Կեանք» քարոզագիրքը, այլ գիրքերու շարքին, բոլորն ալ արեւելահայերէն եւ դասական ուղղագրութեամբ բոլորովին անտեսելով Սովետահայ գրականութեան զարտուղի նկարագիրը։

Ըսել կ՛ուզենք հետեւաբար որ հայրենի գիտնականներ իրազեկ ըլլալով հանդերձ կացութեան ջանացած են դասական ուղղագրութեան նախընտրութիւն տալ առանց պայմանի։ Ակնառու եղած են հարիւրաւոր այն գիտնականները որոնք Սովետական դրութեան ներքեւ մեր հին պատմագրութիւնները հատիկ հատիկ ուսումնասիրեցին եւ բնագիրները հրատարակեցին իսկական շնորհակալ գործ կատարելով։ Անոնք կրցան յաղթահարել ժամանակի կացութեան որքան ատեն որ գրաբար լեզուով կարողացան հրատարակել մեր բոլոր պատմագիրները ապահովելով մեր լեզուի ինքնուրոյնութիւնը։ Թէեւ անոնք այդ բնագիրներու ներածականներն ու ծանօթագրութիւնները ստիպուած էին անուղիղ ուղղագրութեամբ շարադրելու, միշտ յուսալով որ այդ ժամանակաւոր պիտի ըլլար։ Սակայն չեղաւ։

 

Արշակ Տէր Միքէլեան

Նախասովետական շրջանի մէկ այլ կարեւոր գիրքն ալ Արշակ Տէր Միքէլեանի «Բիւզանդիոնի Ժողովք եւ Պարագայք իւր» Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը պաշտպանող հատորն է, իր մեծահատոր «Քրիստոնէական» գիրքի կողքին։ Ինք եւս գրած է արեւելահայերէն ու անաղարտ պահած մեր լեզուին ներքին կառոյցը։ Այսօր ինչո՞ւ կարիքը չի տեսնուիր վերադառնալու, որովհետեւ եթէ արեւելահայ գրականութիւնը արտասահմանի մէջ պիտի կարդացուէր, այդ եւս ապարդիւն պիտի մնար։ Հարցը հասկնալու եւ չհասկնալու խնդիրը չէ այնքան որքան ուղղագրութեան անհարկի շփոթութիւնը մէկ կողմէն, եւ մեր լեզուին կենսական կառոյցը միասնական չպահելը միւս կողմէն, որոնց ի խնդիր արտերկրի գիրքերն ու օրաթերթերը, շաբաթաթերթերն ու ամսագիրները գրուելով հանդերձ արեւմտահայերէնով, կառչած կը մնան ուղիղ կանոնին որ մեծամասնութեան կարծիքով լեզուին գոյատեւման միակ գրաւականն է։

 

Փրոֆ. Լեւոն Խաչերեան

Հայրենի յայտնի պատմագէտ Փրոֆ. Լեւոն Խաչերեան միշտ արեւելահայերէնով գրող հեղինակ մը եղած է որ տասնամեակ մը առաջ մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան մնաց աներեր իր գիտնականի պատուանդանին վրայ երկու տասնեակ հատորներ հրատարակելով, միշտ սրտեռանդն կառչելով դասական ուղղագրութեան։ Իր հատորներէն մէկուն սկիզբը բաց նամակ մը գրած էր ՀՀ Նախագահ Րոբերդ Քոչարեանին ափսոսալով որ Հայաստան տակաւին կը յամենար կատարելու այդ «վերադարձը», գիտնալով հանդերձ որ ան յանկարծակի կերպով առնուելիք քայլ մը պիտի չըլլար։ Սակայն լսող չկար։ Նոյն հարցը տողերս գրողը հինգ տարի առաջ առիթով մը Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին ուղղեց պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին երբ հարցեր ուղղուեցան իր իսկ փափաքով, յուսալով որ գէթ դրական բացատրութիւն մը կը լսէր, եւ սակայն պատասխանը աւելի բարկացոտ դուրս եկաւ եւ անտրամաբանական քան թէ բնական։

 

Եզրակացութիւն

Յիշենք ինչ որ կանուխէն ըսինք թէ յիսունական թուականներուն եւ անկէ ետք արդիւնալից չափով մաքրուեցաւ հայերէնի ուղղագրութիւնը՝ բաղդատմամբ քսանական եւ երեսունական թուականներուն։ Հիմա որ ազատ ու անկախ է Հայաստան, յանուն մեր Ոսկեդարեան Թարգմանիչներուն, յանուն Աստուածաշունչ Մատեանին եւ բազմահազար վերապրող ձեռագիրներուն եւ հնատիպ գիրքերուն, ի՞նչ կարեւոր պատճառ կը մնայ Հայաստանի մէջ տակաւին անտեսելու արեւելահայ լեզուի ուղիղ եւ դասական կառոյցը եւ Հայաստանի մեր հարազատներուն չվերադարձնելու այդ գանձը որ մասն ու բաժինը եղած է մեր վաւերական գրականութեան Ոսկեդարէն ի վեր։

Այսուհանդերձ հասկնալի է բոլորիս համար որ շեղած ճանապարհէն վերադառնալ արագ եւ հեշտ պիտի չըլլայ, սակայն եւ այնպէս անկարելի ալ չի կրնար ըլլալ։ Հոն ո՛չ քաղաքականութիւն կայ եւ ո՛չ ալ տնտեսական արգելք, ո՛չ ընկերային կարգերու խախտում եւ ո՛չ անհարկի մտահոգութիւն։ Կայ միայն երկու քոյր բարբառներու հարազատ գոյակցութիւնը՝ հասարակաց կանոնով եւ հիմունքով։ Լեզուն մէկ է, բարբառներն են երկու, եւ ասոր մէջ ոչինչ կայ անբնական։ Երկուքն ալ կը հնչեն իրենց յատուկ ղօղանջով, սակայն հարկ է վերահաստատել ներքին միութիւնը երկարաձգելու համար կեանքը մեր ոսկեղնիկ լեզուին։