Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտի պայմաններու վերաբերեալ ամերիկա-ուքրանական բանակցութիւնները Ֆլորիտայի մէջ աւարտած են կիրակի՝ նոյեմբեր 30-ի երեկոյեան։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն ատոնք որակած է «շատ արդիւնաւէտ», բայց նաեւ նշած, որ դեռ շատ աշխատանք կայ տանելու՝ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու համար։ «Հիմնուելով Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներու, այս շաբթուան իրադարձութիւններու վրայ՝ մենք ունեցանք եւս մէկ շատ արդիւնաւէտ բանակցային նիստ»,-ըսած է արտաքին գործոց նախարարը։ Ան աւելցուցած է. «Մենք կ՚ուզենք օգնել Ուքրանիոյ հասնելու երկարատեւ անվտանգութեան։ Եւ, որ նոյնքան կարեւոր է, կ՚ուզենք, որ այնտեղ սկսի իրական բարգաւաճման նոր դարաշրջան»:
Ռուպիօն լրագրողներուն ըսած է, որ ամերիկեան եւ ուքրանական պատուիրակութիւններու միջեւ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են ոչ միայն պատերազմի աւարտը, այլեւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան հարցերը։
Իր հերթին, ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար, Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուսթեմ Ումերովը բանակցութիւնները որակած է «արդիւնաւէտ եւ յաջողած»։
«Մեր նպատակը բարգաւաճ, զօրաւոր Ուքրանիան է։ Քննարկեցինք Ուքրանիոյ համար կարեւոր բոլոր հարցերը։ Եւ Միացեալ Նահանգները շատ ուժեղ աջակցութիւն ցուցաբերեց»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ան: Ուքրանացի պաշտօնեան եւս նշած է, որ Ֆլորիտայի մէջ կայացած հանդիպումը հիմնուած էր Ժընեւի մէջ Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կայացած բանակցութիւններու վրայ։