image

«Արցախն այսօր կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրների առաջ». Արցախցի պատմաբան

«Արցախն այսօր կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրների առաջ». Արցախցի պատմաբան

Արցախի դրութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգութեան առանցք։ 

 Վերջին ժամերուն ճիշդ է, որ տեղի կ՚ունենան կարեւոր զարգացումներ, բայց մեծ հաշուով ստեղծուած իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։

Թեմային մասին աւելի յստակ պատկերացում ունենալու համար «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Արցախցի պատմաբան՝ Վլատիմիր Տոլուխանեանին հետ։

Խօսելով «Արեւելք»ին Տոլուխանեան մասնաւորապէս նշեց, որ «Արցախը այսօր կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ Մեզի կը սպասէ սով կամ սրտկութիւն»։

 Ան նաեւ ըսաւ, որ Արցախցիք չեն կարողանալու ապրիլ Ատրպէյճանի լուծին ներքոյ։

 Տոլուխանեանի դիտարկմամբ՝ «Միջազգային հանրութիւնը շատ լաւ գիտէ, որ Ատրպէյճան ինչ կարգավիճակ ունի մարդկային, խօսքի եւ խղճի ազատութեան բնագաւառներուն մէջ եւ մեզմէ ոչ ոք պիտի ուզէ Ատրպէյճանի լուծին ներքոյ ապրել»։

 «Արեւելք»ի խօսակիցին կարծիքով այսօր Արցախը յայտնուած է 18-րդ դարու պայմաններուն մէջ, երբ մարդկային ամենատարրական պէտքերը չկան, որպէսզի քաղաքացին շարունակէ իր արժանապատիւ կեանքը։

 Տոլուխանեան նաեւ կը նշէ- որ Արցախցիք համոզուած են ու շատ լաւ կ՚ըմբռնեն, որ պատերազմի փողերը անպայման պէտք է լռեն, բայց Արցախցիին համար անընդունելի է ապրիլ ստրկացման պայմաններու տակ։

«Արցախցիներս երեք հազար տարիէի ի վեր ապրում ենք այս տարածքների վրայ, անցել ենք երկար ճանապարհ, յաճախ տեղի ենք տուել, բայց պահել ենք մեր արժանապատւութիւնը» եզրափակած է Տոլուխանեան։ 

 Տոլուխանեանի հետ զրոյցը աւելի մանրամասն դիտել՝ Arevelk-ի YouTube-եան ալիքով։

 Ու չմոռնալ բաժանորդագրուիլ՝ մեր  ալիքին  եւ տարածել մեր տեսանիւթերը։