Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովը հրապարակած է իր 2022-ի ֆինանսական տարուան յատկացումներու օրինագիծերը, որոնք կը ներառեն 2 միլիոն տոլարի օգնութեան առաջարկ Արցախին։
Յանձնաժողովը կ'առաջարկէ մինչեւ 2.000.000 տոլար՝ մարդասիրական ականազերծման եւ պատերազմի պայթուցիկ մնացորդներու (ՊՊՄ) մաքրման աշխատանքներուն համար՝ այն տարածքներուն մէջ, որոնք տուժած են 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով, ինչ որ ենթակայ է Յատկացումներու յանձնաժողովներու հետ նախնական խորհրդակցութեան:
Բացի այդ, Յանձնաժողովը կը մնայ «մտահոգուած ձգձգուող հակամարտութեամբ» եւ խնդրեց «Պետական քարտուղարին խորհրդակցիլ Յատկացումներու յանձնաժողովներու հետ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար IV յօդուածի ներքոյ հասանելի դարձած աջակցութիւնը տրամադրելէ առաջ»: Օրինագիծը ինքնին կը վերահաստատէ Աջակցութեան 907 բանաձեւը, որ ընդունուած է 1992-ին, երբ Գոնկրէսը սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրեց հայ ժողովուրդի նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակման դէմ:
907 բանաձեւին մէջ կը յայտարարուի, որ ԱՄՆ-ի ֆինանսական միջոցներ «չեն կրնար տրամադրուիլ Ատրպէյճանի կառավարութեանը՝ մինչեւ նախագահը չսահմանէ եւ այդպիսով չզեկուցէ Գոնկրէսին, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ակնյայտ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ դադրեցնելու բոլոր շրջափակումները եւ ուժի այլ յարձակողական գործադրումները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ»: 11 Սեպտեմբեր 2001-ին ամերիկեան հողին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն յետոյ 907 բանաձեւին մէջ աւելցուեցաւ ազգային անվտանգութեան կասեցումը:
Կասեցման կիրառումը ուժի մէջ է այնքան ժամանակ, քանի դեռ այն «չի խաթարեր կամ չի խոչընդոտեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու շարունակական ջանքերը կամ չի կիրառուիր Հայաստանի դէմ յարձակողական նպատակներով»: