image

Արցախի յուշարձաններու անհետացումը մեծ կորուստ. «Վատիկան նիւզ»

Արցախի յուշարձաններու անհետացումը մեծ կորուստ. «Վատիկան նիւզ»

Սուրբ Աթոռի պաշտօնական լրատուականը՝ «Վատիկան Նիւզ»-ը, տպագրած է յօդուած՝ անդրադառնալով Հայաստանի արեւելեան սահմանին ատրպէյճանական կողմէ Նոյեմբեր 14-16-ի ընթացքին իրականացուած յարձակողական գործողութիւններուն:

Յօդուածի «Արուեստի ու մշակոյթի ժառանգութիւն» բաժնին մէջ կը նշուի, որ նախորդ տարուայ զինադադարէն յետոյ հազարաւոր տեղահանուածներու ապագային հանդէպ խոր մտահոգութեան զուգահեռ միջազգային հանրութեան կողմէ կը դրսեւորուէր տարածաշրջանի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ մեծ ուշադրութիւն։

«Այն այսօր ալ կը համարուի կեդրոնական խնդիր։ Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան յստակ ուղերձները սկիզբ առին մէկ տարի առաջ՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար պատուելի Իոան Սաուքայի՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէին հասցէագրուած նամակով, որուն մէջ կը նշուի, որ վերջերս Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններուն մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան հանդէպ մեր մտահոգութիւնները մեծապէս աւելցան Հոկտեմբերին Շուշիի Ղազանչեցոց տաճարի կրկնակի ռմբակոծման, ու յատկապէս, աղօթատեղիներու սրբապղծման դէպքերու մասին վերջին շրջանին ստացուած բազմաթիւ զեկոյցներու հետեւանքով։ Նամակին մէջ կը նշուի նաեւ, որ իրականին մէջ խօսքը Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի մօտ չորս հազար պատմական, կրօնական ու մշակութային յուշարձաններու մասին է, որոնք այժմ Ատրպէյճանի հսկողութեան ներքոյ են, ու անոնցմէ իւրաքանչիւրը ապագային փոխանցուելիք հզօր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւն կը համարուի եւ անոնց անհետացումը պիտի նշանակէ անդառնալի կորուստ մարդկութեան համար», կը նշուի յօդուածին մէջ: