Արցախի վրայ 19 սեպտեմբերի ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումի հետեւանքով զինուորականներու շրջանակին մէջ 200-էն աւելի զոհ կայ, քաղաքացիներու շրջանակին՝ 2 տասնեակէն աւելի:
«Ազատութեան» հաղորդած է Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Յունան Թադեւոսեան՝ աւելցնելով, որ 25 սեպտեմբերին պենզինի պահեստի պայթումի հետեւանքով ալ կայ 220 հաստատուած մահուան դէպք ։
Թադեւոսեան նշած է, որ անոնցմէ մօտ 150-ը անճանաչելի է.
«Աճիւնները եւ մասունքները պայթիւնի տարածքից հանուել եւ տեղափոխուել է Երեւանի Դատաբժկական փորձաքննութեան կեդրոն՝ ԴՆԹ թեստի (DNA քննութեան) միջոցով նոյնականացում իրականացնելու համար։
Կան նաեւ 50-ից աւելի անհետ կորածներ»։