image

Արցախի թեմի առաջնորդը այցելած է վիրաւոր զինուորներուն

Արցախի թեմի առաջնորդը այցելած է վիրաւոր զինուորներուն

Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանը Պաշտպանութեան բանակի աւագ գնդերեց Տէր Վարդան քահանայ Ներսիսեանի, առողջապահութեան ոլորտի հոգեւոր պատասխանատու Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանի հետ 4 օգոստոսին այցելած է Ստեփանակերտի կեդրոնական հիւանդանոց:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի տարածած հաղորդագրութենէն:

Սրբազան հայրը դիմաւորած է հիւանդանոցի պետ փոխգնդապետ Հ. Գրիգորեանը, որուն ուղեկցութեամբ ալ հոգեւորականներն այցելած են բուժում ստացող վիրաւոր զինծառայողներուն:

Թեմի առաջնորդն աղօթք հնչեցուցած է վիրաւորներու առողջութեան համար, մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է բուժաշխատողներուն նուիրեալ ծառայութեան համար:

Սրբազան Հայրը վիրաւոր զինծառայողներուն փոխանցած է նաեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները: