image

Արցախի մեծ ստեղծուած է սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողով

Արցախի մեծ ստեղծուած է սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողով

Արցախի մեծ ստեղծուած է սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողով: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է հրամանագիրը:

Հրամանագրով հաստատուած է յանձնաժողովի անհատական կազմը` Արցախի նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետ Արայիկ Լազարեանի գլխաւորութեամբ:

Համաձայն հրամանագրին` յանձնաժողովին յանձնարարուած է եռամսեայ ժամկէտի մէջ նախագահին ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը:

Արցախի մէջ կը քննարկեն սահմանադրական փոփոխութիւններով նախագահական համակարգէն հրաժարելու եւ կիսանախագահականին վերադառնալու հնարաւորութիւնը, յայտնած են խորհրդարանի իշխող եւ ոչ-իշխանական ամենամեծ խմբակցութիւններու ղեկավարները: