Արցախի մէջ հակառակորդի կողմէ 28 նոյեմբերին, հրադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորուած Պաշտպանութեան բանակի երկու զինծառայողներուն վիճակը բաւարար է։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արթուր Օհանջանեան։
«Այժմ նրանք տեղափոխւում են հիւանդանոց»,- նշած է Օհանջանեան։
Յիշեցնենք, որ 28 նոյեմբերին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը արեւմտեան ուղղութեամբ խախտած են հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զինատեսակներ եւ ՀԱՆ-17 նռնականետ։ Վիրաւորում ստացած են ՊԲ զինծառայողներ Հ. Ա.-ն եւ Մ. Վ.-ն։
Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։