image

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու անժամկէտ ներկայութեան մասին «կեանքը ցոյց կու տայ»

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու անժամկէտ ներկայութեան մասին «կեանքը ցոյց կու տայ»

Ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կարեւոր ներդրում է այն բանին մէջ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդիկ ապրին անվտանգութեան զգացումով, ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: 

Կողմերու նախնական պայմանաւորուածութեամբ ռուս խաղաղապահները Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած են հինգ տարի ժամկէտով։ Սակայն վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Արտակ Բեկլարեան նշած էր ռուսական զօրախումբի անժամկէտ ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը։

«Կան պայմանաւորուածութիւններ եւ կայ մեր խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութիւնը, որ իրօք կարեւոր ներդրում ունի այն բանին մէջ, որ մարդիկ այս տարածաշրջանին մէջ ապրին անվտանգութեան զգացումով եւ ապագայի տեսլականով: Սա իսկապէս խաղաղութեան եւ դրականութեան լուրջ եւ կարեւոր գործօն է այս դժուարին իրավիճակին մէջ», ըսած է դիւանագէտը։

Խօսելով կողմերու հետագայ գործողութիւններուն եւ խաղաղապահներու անժամկէտ ներկայութեան հնարաւորութեան մասին՝ ան նշած է. «Կեանքը ցոյց կու տայ»։