image

Արցախի մէջ ապրանքատեսակները կը բաւեն բոլորին. Ընթացք առաւ կտրոններով առեւտուրը

Արցախի մէջ ապրանքատեսակները կը բաւեն բոլորին. Ընթացք առաւ կտրոններով առեւտուրը

Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ ըստ կտրոններու տրամադրուող ապրանքատեսակները քաղաքացիները կրնան ձեռք բերել այսօրուընէ՝ 20 յունուարէն մայրաքաղաքի եւ շրջաններու բոլոր խանութներէն։

Կը տեղեկացնեն նաեւ, որ նշուած ապրանքատեսակները առկայ պիտի ըլլան նաեւ բոլոր համայնքներու խանութներուն մէջ եւ կարիք չկայ, որ այս կամ այն համայնքի բնակիչները գնումները կատարեն շրջկեդրոնի կամ մայրաքաղաքի խանութներէն։

«Աւելորդ քաշքշուկից, կուտակումներից խուսափելու համար, հաշուի առնելով նաեւ դիզվառելիքի պակասը՝ ցանկալի է, որպէսզի համայնքի բնակիչները գնումները կատարեն հենց համայնքում գտնուող խանութներից։

Խնդրում եւ յորդորում ենք գնումները կատարել առանց խուճապի եւ առանց միմեանց համար արհեստական բարդութիւններ ստեղծելու։

Հաւաստիացնում ենք, որ նշուած ապրանքատեսակների քանակը ըստ շնչի տրամադրուած կտրոններով ձեռք բերելու դէպքում կը բաւականացնի բոլորին, ուստի խուճապի մատնուելու եւ անհարկի գնումներ կատարելու կարիք չկայ։

Ստորեւ ներկայացնում ենք մայրաքաղաքում եւ շրջաններում տրամադրուող ապրանքների ժամանակացոյցը»,- ըսուած է հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ: