image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի խորհրդարանը սահմանադրական բարեփոխում կատարեց

Արցախի խորհրդարանը սահմանադրական բարեփոխում կատարեց

Արցախի Ազգային ժողովը այսօր` Փետրուար 2-ին առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Արցախի սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին» օրէնքի նախագիծը: Նաեւ որոշում կայացուեցաւ զայն ուղարկել Արցախի Գերագոյն դատարանին` անոր սահմանադրականութեան հարցը որոշելու համար:

Նշենք, որ այս փոփոխութեամբ Արցախի վարչատարածքային բաժանման վերանայման ժամկէտը 5 տարիէն դարձաւ 10 տարի:

Արցախի Սահմանադրութեան 173-րդ յօդուածին մէջ նշուած է. «Վարչատարածքային բաժանման վերանայումը պէտք է իրականացուի Սահմանադրութիւնը ուժի մէջ մտնելուց յետոյ` ոչ ուշ քան հինգ տարում», իսկ այդ ժամկէտը կը լրանայ այս տարուայ Մարտին:

ԱԺ պատգամաւոր Սէյրան Հայրապետեան հարց տուաւ, թէ ինչ կը նախատեսեն այս 5 տարուան մէջ, որ նախապատրաստուին վարչատարածքային բաժանման: Ի պատասխան, Արցախի նախագահի ներկայացուցիչ, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներուն նախարար Հայկ Խանումեանը ըսաւ. «Համապատասխան քաղաքական որոշման դէպքում, այդ թւում քաղաքական ուժերի կարծիքը հաշուի առնելով, համապատասխան հայեցՠկարգ կը մշակուի: Մինչեւ պատերազմը խոշորացման էինք գնում, սակայն պատերազմի  հետեւանքները հաշուի առնելով քաղաքական ուժերն առաջարկեցին, որ այդ ճանապարհով չգնանք: Յառաջիկայում որոշ նախաձեռնութիւններ կը լինեն միջհամայնքային միաւորումների հետ կապուած, որը խոշորացում չէ»:

Նշենք, որ Արցախի ԱԺ այս նիստերու օրակարգին մէջ ներառուած են նաեւ հետեւեալ հարցերը.

«Ժամանակաւոր անաշխատունակութեան եւ մայրութեան նպաստներու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծ

«Տեղական տուրքերու եւ վճարներու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին», «տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքներու  նախագիծերու փաթեթը:

Օրակարգին մէջ ներառուած են նաեւ հարցեր ԱՀ նախագահին եւ Կառավարութեան անդամներու, պատգամաւորներու յայտարարութիւններ: