image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի «բռնագրաւուած տարածքներ»ու մասին օրինագծի շրջանառում

Արցախի «բռնագրաւուած տարածքներ»ու մասին օրինագծի շրջանառում

Արցախի Ազգային ժողովի բոլոր 5 խմբակցութիւններուն մասնակցութեամբ «Արցախի բռնազաւթուած տարածքներու մասին» օրէնքի նախագիծ դրուած է շրջանառութեան մէջ, ըստ որուն` արգելք պիտի սահմանուի արտասահմանեան այն կազմակերպութիւններուն վրայ, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն առանց Արցախի կառավարութեան թոյլտուութեան գործունէութիւն ծաւալել Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած տարածքերուն մէջ:

Այս մասին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունցը:

«Օրէնքի նախագիծը Յունուարի 27-ին շրջանառութեան մէջ է դրուել: Օրէնքի նախագիծը Ազգային ժողովի կանոնակարգին համապատասխան  բոլոր փուլերով անցնելու է եւ Փետրուարի 16-ին ԱԺ հերթական նիստում առաջին ընթերցմամբ քննարկման է դրուելու: Օրէնքի նախագիծը երկու հիմնական ուղերձ է պարունակում, առաջինը այն, որ մենք որեւէ դէպքում չենք հրաժարուի Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքներից եւ համարում ենք, որ, օրինակ` Հատրութի շրջանը հայկական է եղել ու միշտ լինելու է հայկական: Երկրորդը` դիմում ենք բոլոր երկրների կառավարութիւններին եւ արտասահմանեան կազմակերպութիւններին, որոնք ինչ-որ կերպ շահագրգռուած են մասնակցութիւն ունենալ տարբեր տեսակի գործունէութիւն ծաւալելու բռնազաւթած տարածքներում, ապա զգուշացնում ենք, որ համապատասխան օրէնքի դրոյթների եւ տարբեր միջազգային կանոնների հիման վրայ կը բարձրացնենք, մեզ համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծուելու դէպքում կը դիմենք միջազգային ատեաններ եւ արպիթրաժներ: Օրէնքի նախագծում նշուած է, որ արտասահմանեան ընկերութիւնները կարող են գործունէութիւն ծաւալել միայն ու միայն Արցախի կառավարութեան թոյլտուութեամբ», ընդգծեց Բաղունցը:

Հարցին` թէ ի ՞նչ իրաւական գործընթաց կրնայ սկսիլ, եթէ, օրինակ` արտասահմանեան ընկերութիւնը որոշէ ներդրում ընել Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, «սեւ ցուցակին մէջ պիտի յայտնուին»,  Բաղունցը պատասխանեց, որ հնարաւորինս պիտի հետեւեն տեղի ունեցող գործընթացներուն, տուեալներու թղթապանակ կը ստեղծեն: 

«Հետագայում բարենպաստ պայմանների դէպքում մենք տարբեր միջազգային ատեաններում այդ գործունէութեան գնահատականը կը ներկայացնենք», յաւելեց Բաղունցը:

Արցախի ԱԺ նախագահի տեղակալին խօսքով` բոլոր 5 խմբակցութիւնները միացած եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են օրէնքի նախագիծի մշակման մէջ: «Այնպէս որ տարածայնութիւններ չկայ եւ չեմ էլ պատկերացնում, թէ որ դրոյթի վերաբերեալ կարող է լինել», աւելցուց Բաղունցը:

Հարցին` թէ յատկապէս, որ տարածքները ընդգրկուած պիտի ըլլան` Լղիմ-ի՞ տարածքը, թէ՞ նաեւ անվտանգութեան գօտի համարուող տարածքները, Բաղունցը յղում կատարեց Արցախի Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածին, ուր նշուած է, որ մինչեւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը եւ սահմաններու ճշգրտումը հանրային իշխանութիւնը կ'իրականացուի այն տարածքին մէջ, որ փաստացի կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան ներքոյ: