image
Հրատապ լուրեր:

Արցախեան Սահմանին Հակառակորդին Կողմէ 800 Կրակոց

Արցախեան Սահմանին Հակառակորդին Կողմէ   800  Կրակոց

Երէկ գիշեր  արցախեան սահմանին   հակառակորդը դարձեալ խախտած է  առկայ հրադադարը: Այս մասին լուրը փոխանցեց ԼՂՀ պաշտպանութեան  նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հակառակորդը հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան  800 կրակոց: Հայկական դիրքերու ուղղութեամբ նոյնպէս  արձակուած են  17  արկեր: Սահմանապահ ուժերը համապատասխան  կրակ-պատասխանով կը շարունակեն լռութեան մատնել  հակառակորդի   կրակակէտերը: