«Ես դադար պիտի չունենամ, այնքան ժամանակ, որ Արցախը եւ Արցախի իմ հայրենակիցները կը գտնուին պաշարման տակ».այսօր իր դիմատետրի էջին գրած է ամերիկահայ յայտնի գործարար Մայք Սարեան։
Լուրը՝ համադրաբար՝ «Արեւելք»ի
Մայք Սարեան, որ իր հաւատարմութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն, յիշեցնելով, որ իր կեանքի մեծ մասը ապրած է ու կ՚ապրի ԱՄՆ-ի մէջ, մասնաւորապէս նշած է, որ յառաջիկայ օրերուն հանդէս պիտի գայ կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը եւ պիտի դիմէ իր տնօրինանման տակ գտնուող հիւանդանոցներու շրջաններու բոլոր գոնկրէսականներուն անոնցմէ խնդրելով արագօրէն միջամտել եւ ապահովել Լաչինի միջանցքի արագ վերաբացումը։
«Ոչ ոք մեզի օգնելու մասին չի մտածեր»,- գրած է Սարեան յաւելելով, որ այսօր հայ ժողովուրդը կանգնած է նոր Ցեղասպանութեան վտանգին ընդառաջ։
Ան նաեւ յաւելած է, որ իր նախաձեռնութիւնը դադար պիտի չունենայ այնքան ժամանակ, որ Լաչինի «Կեանքի ճանապարհ»ը կը շարունակէ մնալ փակ։
Մայք Սարեան, որ յայտնի է, որպէս յաջողած գործարար նաեւ նշած է, որ իր համար Արցախցիները իրական հերոսներ են ու անոնց համար ան պատրաստ է ամէն տեսակի օգնութեան եւ աջակցութեան։
«Արցախցիք մեր ազգի հերիսներն են»,- իր խօսքը եզրափակած է Մայք Սարեան։