Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 17 օգոստոսին հանդիպած է աշխարհազօրի խումբ մը մարտիկներու հետ։
Այս մասին յայտնած են Արցախի նախագահի աշխատակազմէն:
Անոնց առաջարկով երկրի նախագահը ներկայացուցած է Արցախի անվտանգութեան ապահովման, ցեղասպանութեան հետագայ ընթացքի կասեցման եւ մարդասիրական աղէտի յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը։ Ընդգծուած է Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու համար բոլորի ջանքերու համախմբման եւ պետական համակարգի կայունութեան անհրաժեշտութիւնը։