Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնական դիմատետրեան էջը ջնջուած է՝ ատրպէյճանական կողմի տեւական բողոքներու հետեւանքով: Յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն:
Ամիսներ շարունակ աշխուժ բողոքներ կը ներկայացուէին էջի դէմ, որու հետեւանքով աստիճանաբար մեծ սահմանափակումներ դրուած էին էջի վրայ՝ գրառումներու դիտելիութեան արհեստական նուազման, տարբեր գործառոյթներու անհասանելիութեան տեսքով: Իսկ վերջին շրջանի բողոքներու հետեւանքով 26 օգոստոսին էջը ամբողջապէս անհասանելի դարձած է: Էջի պատասխանատուները սահմանուած ընթացակարգերով իրենց բողոք-դիմումը յղած են դիմատետրի ներկայացուցիչներուն՝ ներկայացնելով էջը ջնջելու որոշումը չեղարկելու պահանջ ու հիմնաւորումներ:
Էջն ունէր 459,000 հետեւորդ եւ կարեւոր դեր ունէր Արցախի Հանրապետութեան նախագահի գործունէութեան թափանցիկութեան ապահովման գործին մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմն անընդունելի կը համարէ «ֆեյսպուք»ի որոշումը յատկապէս առկայ ծանր պայմաններուն մէջ, երբ Ատրպէյճանը կը ձգտի Արցախի ժողովուրդը բացարձակ մեկուսացման ու շրջափակման ենթարկել, այդ շարքին՝ տեղեկատուական դաշտին մէջ: