image

Արայիկ Յարութիւնեան դարձեալ մամլոյ ասուլիս պիտի տայ

Արայիկ Յարութիւնեան դարձեալ մամլոյ ասուլիս պիտի տայ

Արցախի անվտանգային ու մարդասիրական իրավիճակի մասին եւ անոր կարգաւորման նպատակով իրականացուող որոշ միջազգային ջանքերու միջանկեալ արդիւնքներու վերաբերեալ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հարցազրոյցն Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան պիտի հեռարձակուի 6 օգոստոսին` ժամը 20։30-ին, ինչպէս նաեւ Յարութիւնեանի դիմատետրեան էջով: «Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է ԱՀ նախագահի մամլոյ քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեան:

Արայիկ Յարութիւնեան պիտի խօսի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու մասին՝ հնարաւոր ձեւով բաց անդրադառնալով վերջին շրջանին հանրութեան բարձրացուցած հարցերուն։

«Առաջիկայում նախագահը նախատեսում է քաղաքական շրջանակների հետ խորհրդակցութիւններ սկսել՝ հետագայ անելիքները քննարկելու եւ համապատասխան որոշումներ կայացնելու նպատակով»,- մանրամասնած է Լ. Աւանեսեան:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ, անդրադառնալով ստեղծուած իրավիճակին, Յարութիւնեան իր դիմատետրեան էջին գրած էր, որ ամփոփելով այս օրերուն մեր եւ միջազգային յստակ դերակատարներու կողմէ իրականացուող որոշ գործընթացներու միջանկեալ արդիւնքները, կը նախատեսէ քանի մը օրէն բացառիկ հարցազրոյց տալ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան: