«Sputnik Արմենիա»ի խմբագրութիւն դիմած էր Սայաթ-Նովա գիւղի բնակչուհի Օլկա Չուպրովան եւ տեղեկացուցած, որ իրենց գիւղին եւ մերձակայ գիւղերուն մէջ 11 օգոստոսէն ի վեր ելեկտրականութիւն չկայ, եւ իրենց յայտնած են, որ պատճառը զօրաւոր քամիի հետեւանքով առաջացած վթարն է։
«Առանց լոյսի շատ գիւղացիներ ջուր չեն կարողանում ստանալ, այդ թուում՝ ոռոգման, փոմփերը չեն աշխատում։ Տխուր վիճակ է, փոքր պիզնեսը վնասներ է կրում։ Շատերը Ճեներաթորներ (ելեկտրածին շարժակ) գնելու հնարաւորութիւն չունեն»,-ըսած է Չուպրովան։
Անոր խօսքով` անջատումներ շատ յաճախ կը պատահին՝ զօրաւոր քամիի պատճառով, որոշ աշխատանքներու իրականացման ժամանակ։
Տարածքային կառավարման նախարարութենէն անոր յայտնած էին, որ իրավիճակէն տեղեակ չեն, իսկ տեղական պատասխանատուները հեռախօսներուն չեն պատասխաներ։ Մեծ դժուարութեամբ կարողացած է զանգել ելեկտրական ցանցերու թէժ գիծին, ուրկէ ըսած են, որ վթարային անջատում է` չյայտնելով, թէ երբ մատակարարումը կը վերականգնուի։
«40 աստիճան շոգին ինչպէ՞ս մնանք առանց ջրի ու հոսանքի։ Բոլորը արհամարհում են, երեւի բոլորի մօտ ամէն ինչ լաւ է, բացի մեզնից՝ գիւղում ապրողներից»,-ըսած է Չուպրովան։
Sputnik Արմենիան կապ հաստատած է Արարատի մարզպետ Ռազմիկ Թեւոնեանի հետ, որ յայտնած է, որ անջատման պատճառը լուրջ վթարը եղած է, որ եղած է 11 օգոստոսի փոթորկի պատճառով։
«Երէկ չէ առաջին օրը ուժեղ փոթորիկ է եղել, ելեկտրական ցանցերը վնասուել են, այդ թուում՝ բարձրվոլթայինները։ Խայտառակ վիճակ է։ Տուժել են Մասիսի գիւղերը, մօտ 10 գիւղում հոսանքն անջատուած է»,-ըսուած է Թեւոնեանը։
Անոր խօսքով՝ այսօր երեկոյեան բարձրավոլթ լարերը պէտք է միացնեն։ Այսօր պէտք է որ սկսին նաեւ գիւղերուն հոսանք մատակարարել։ Աշխատանքները ամբողջութեամբ պէտք է աւարտին վաղը։
Ան հաստատած է, որ ելեկտրական հոսանքի բացակայութեան պատճառով որոշ տուներու մէջ նաեւ ջրամատակարարման խնդիրներ առաջացած են։ Խօսքը, առաջին հերթին, բնակարաններու մասին է։
Նշենք, որ ուժեղ քամի արձանագրուած է ոչ միայն Արարատի մարզի, այլեւ հանրապետութեան այլ շրջաններու մէջ, նաեւ՝ մայրաքաղաքի մէջ։