image

Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի կարեւոր հատուածին

Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի կարեւոր հատուածին

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 19 սեպտեմբերէն Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հատուածին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ Արարատ Միրզոյեան 30–է աւել հանդիպումներ պիտի ունենայ գործընկեր պետութիւններու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) հիմնադրուած է 1945 թուականին: Այն միջազգային կազմակերպութիւն է, որուն ներկայիս կ'անդամակցին 193 պետութիւն:

Աւելցնենք, որ Գլխաւոր վեհաժողովի որոշումները կը կրեն խորհրդատուական բնոյթ։