image

Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Ղազարոսի յարութեան յիշատակութեան օրը

Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Ղազարոսի յարութեան յիշատակութեան օրը

Մեծ Պահքի 41-րդ օրը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ Ղազարոսի յարութեան յիշատակի օրն է, գրած է qahana.am-ը։

Ղազարոսի յարութեան մասին կը պատմուի Ս. Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ (տես Յովհ. 11:1-46): Ղազարոսը Յիսուս Քրիստոսի սիրելի ընտանիքէն էր: Ան Մարիամի եւ Մարթայի եղբայրն էր, որ մահացաւ հիւանդութեան պատճառով: Քրիստոս անոր յարութիւն կու տայ՝ ապացուցելով, որ Ինքն է կեանքը եւ յարութիւնը:

Ղազարոսի յարութեան մասին պատմող դրուագը գեղեցիկ վերնագիր ունի. «Եւ Յիսուս արտասուեցաւ...»: Հրեաները, տեսնելով Յիսուսի արտասուիլը, ըսած են. «Տեսէք, թէ ինչքան կը սիրէր անոր»: Քրիստոսի արտասուիլը բոլորի հանդէպ Անոր անսահման սիրոյ վկայութիւնն է, իսկ Ղազարոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ նաեւ ննջեցեալներու համընդհանուր յարութիւնը: