image
Հրատապ լուրեր:

Առաջին գիծ կը մղուի ուժի գործօնը. Ալիեւ կը յայտարարէ Արցախէն

Առաջին գիծ կը մղուի ուժի գործօնը. Ալիեւ կը յայտարարէ Արցախէն

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ երկիրը պէտք է աւելցնէ իր հզօրութիւնը, քանի որ ուժի գործօնը չափազանց կարեւոր է: Ան այս մասին ըսած է Մայիս 27-ին Արցախի բռնագրաւուած Կովսականի (Զանգելան) շրջան կատարած այցի ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին:

«Այսօր առաջին գիծ կը մղուի ուժի գործօնը: Ես այս մասին խօսած եմ տասը տարի առաջ: Իմ բոլոր ելոյթները մամուլին մէջ կան: Ես կ'ըսէի, որ միջազգային իրաւունքը չի գործեր: Ես կ'ըսի, որ մենք ինքներս պէտք չէ խաբենք մեզ, մենք պէտք է ալ աւելի հզօրանանք, ուժ հաւաքենք եւ հարկ եղած պարագային թշնամին ուժով քշենք մեր հողէն: Ըսած եմ ու ըրած եմ»,- յայտարարած է Ալիեւ:

Ընդգծելով, որ ուժի գործօնը պիտի շարունակէ գերիշխել աշխարհի մէջ, ան յաւելած է. «Նորագոյն պատմութիւնը այդ ցոյց կու տայ: Ուստի մենք պէտք է շարունակենք ուժեղ ըլլալ: Այսօր մեր տնտեսական ցուցանիշները շատ դրական են: Կրնամ ըսել, որ այս տարի Ատրպէյճանը աշխարհի ամենաարագ զարգացող երկիրներէն մէկն է: Մենք նաեւ կ'ուժեղացնենք մեր ռազմական հզօրութիւնը: Պատերազմէն յետոյ ստեղծուած են նոր զինուած կազմաւորումներ, գնուած է նոր սպառազինութիւն, եւ մենք պիտի շարունակենք այդ ընել: Որովհետեւ եթէ մենք ուժեղ չըլլանք, չենք կրնար ապրիլ այնպէս, ինչպէս կ'ուզենք: Մենք կ'ուզենք ազատ ապրիլ: Մենք կը փափաքինք, որ ապագային ոչ ոք խառնուի մեր գործերուն: Անոր կարիքը չկայ: Մենք այնպիսի հրաշալի պետութիւն կառուցած, որուն այսօր շատերը կրնան նախանձիլ: Թող մէկը մեզի չսորվեցնէ, խորհուրդ չտայ: Այդ աւելորդ է»: