image

Արաբական երկիրներ Ռուսիոյ խնդրով արեւմտեան ճնշումներու կ՚ենթարկուին. Ապուլ Ղէյթ

Արաբական երկիրներ  Ռուսիոյ խնդրով արեւմտեան  ճնշումներու կ՚ենթարկուին. Ապուլ Ղէյթ

Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Ապուլ Ղէյթ. «Արաբական երկիրները միասնական դիրքորոշում ունին ուքրանական հակամարտութեան հարցով»:

 

Արեւմուտքը ճնշում կը գործադրէ արաբական երկիրներուն վրայ` պահանջելով դէմ քուէարկել Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող յատուկ գործողութեան առումով: Այս մասին յայտարարած է Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Ապուլ Ղէյթ: 

«Արեւմտեան աշխարհը մեր վրայ ճնշում կը գործադրէ. «Քուէարկեցէ՛ք մեզի հետ, դէ՛մ հանդէս եկէք ռուսական դիրքորոշման, դատապարտեցէ՛ք զայն», ըսած է լիկայի գլխաւոր քարտուղարը:

Ան նշած է, որ արաբական երկիրները միասնական դիրքորոշում ունին ուքրանական հակամարտութեան հարցով, եւ ընդգծած է. «Յոյսով եմ, որ արաբական պետութիւնները կը յաջողին պահպանել իրենց անվտանգութիւնը, եւ հակամարտութիւնը չ'ազդեր տարածաշրջանային կայունութեան վրայ»: