image

Արաբ Արտաքին Գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Պէյրութի մէջ

Արաբ  Արտաքին Գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Պէյրութի մէջ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար՝ Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական ժողով մը պիտի գումարուի Պէյրութի մէջ շաբաթ, 2 Յուլիս, 2022-ին:

Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին այս տարուան Նոյեմբերի սկիզբին Ալճերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին վերաբերող հարցեր եւ թղթածրարներ:

Այս շրջագիծին մէջ, Ապուլ Ղէյթ չբացայայտեց այն հարցերն ու թղթածրարները, որոնց մասին քննարկում պիտի կատարուի, յատկապէս Արաբական լիկային մէջ Սուրիան իբրեւ անդամ ընդունելու թղթածրարը:

Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Ալճերիոյ մէջ Արաբական լիկայի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 1 եւ 2 Նոյեմբեր 2022-ին:

Նշենք, որ 2020-ին եւ 2021-ին վեհաժողովը տեղի չունեցաւ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: