image
Հրատապ լուրեր:

Արա Նաճարեանին նոր պաշտօն

 Արա  Նաճարեանին նոր պաշտօն

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան նշանակուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի Փոխադրական միջոցներու վարչութեան՝ «Մեթրօ»ի, ատենապետ եւ այդ պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 30 Յունիս 2023։

Արա Նաճարեան չորս առիթներով եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանային երկաթուղային վարչութեան՝ «Մեթրոլինք»ի, ատենապետ:

Ան Սան Ֆերնանտօ հովիտի քաղաքապետութիւններու խորհուրդի անդամ է եւ եղած է անոր ատենապետը, իսկ 2003էն 2005 եղած է Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան անդամ:

Նաճարեան մաս պիտի կազմէ նաեւ «Մերթօ»ի ծրագրումի, գործադիր վարչութեան եւ 2028ի Ողիմպիկան խաղերու յանձնախումբերուն։

 

Լուրը՝  «Ասպարէզ»էն