image

Ապտըլ Լահիան Երեւան պիտի այցելէ

Ապտըլ Լահիան Երեւան պիտի այցելէ

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիան մօտ ապագային պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան:

«Հարեւանները, ներառեալ հիւսիսային հարեւանները, ուշադրութեան կեդրոնին պահելը Իրանի նոր կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Իրանի լաւ հարեւաններն են, հետեւաբար մենք չենք կրնար աշխատիլ միմեանց դէմ: Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը հաւասարակշռուած է», ըսած է Իրանի արտաքին գործերու նախարարը՝ աւելցնելով, որ կը պատրաստուի յարմար ժամանակին այցելելու Հայաստան ու Ատրպէյճան: