Պաշտօնապէս կը հաստատուի՝ Հայաստան ձեռք բերած է Pegasus լրտեսող ծրագիր, որով ապօրինի գաղտնալսումներ կ'իրականացուին։ Առնվազն երկու մարդ արդէն Apple-էն նախազգուշացուած է, որ իրենց կը լսեն։
Անվտանգութեան հարցերով փորձագէտ Ռուբէն Մուրատեանը ֆէյսպուքեան էջով տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի մէջ երկու անձի բջջայինին մէջ կը գործէ լրտեսող ծրագիր։
«Այս գիշեր Հայաստանում առնուազն երկու մարդ Apple-ից նախազգուշական նամակ է ստացել այն մասին, որ իրենց հեռախօսներում Pegasus լրտեսող ծրագիր է տեղադրուած», գրած է Մուրատեանը։
Նշենք, որ Pegasus-ը լրտեսող ծրագիր է, որ մշակուած է իսրայէլեան NSO Group ընկերութեան կողմէ: Ծրագիրը առանց օգտատիրոջ տեղեկութեան կրնայ ներբեռնուիլ բջջային հեռախօսներու եւ այլ սարքերու վրա, կրնայ հասանելիութիւն ստանալ նամակագրութեան, լուսանկարներուն եւ տեսանիւթերուն, կրնայ միացնել տեսախցիկը եւ խօսափողը առանց սեփականատէրերու իմացութեան։