image

ԱՊՀ-ն կրնայ նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խնդիրներու լուծման. Լաւրով

ԱՊՀ-ն կրնայ նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խնդիրներու լուծման. Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով կը կարծէ, որ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ձեւաչափը կրնայ օգտակար ըլլալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առկայ խնդիրներու լուծման համար։ Ան այդ մասին յայտարարած է Մոսկուայի մէջ՝ ելոյթ ունենալով  Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան անդամ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման։

« Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան աջակցութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տիրող իրավիճակի կարգաւորման համար»,- ըսած է ան:

Նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու համար այժմ կը քննարկուի ՀԱՊԿ դիտորդներ տեղակայելու հնարաւորութիւնը։

Անոնք պիտի օգնեն բարենպաստ պայմաններ ստեղծել եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման, երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ։