Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ 12 մարտին կայացած է Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ ընդլայնուած նիստ: Այս մասին յայտնած են Արցախի նախագահի աշխատակազմէն:
Քննարկուած են Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը եւ առկայ մարտահրաւէրները:
Երկրի ղեկավարը իր խօսքին մէջ նշած է, որ շրջափակման յարուցած մարտահրաւէրները կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, իսկ 10 մարտին Հայաստանէն մատակարարուող բնական կազի խողովակաշարի հերթական արգելափակումը Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացմանն ուղղուած հերթական քայլն է:
Նախագահ Յարութիւնեանը եւս մէկ անգամ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Արցախի ժողովուրդի 91-օրեայ շրջափակման վրայ: Ան ընդգծած է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը փորձէ վերացնել 2020-ի պատերազմի ծանր հետեւանքները, սակայն այժմ առերեսուած է շրջափակման եւ ուժի կիրառման սպառնալիքով պայմանաւորուած նոր ծանր մարտահրաւէրներու:
Հանրապետութեան նախագահը որոշ յանձնարարականներ տուած է պատկան մարմիններուն՝ իրավիճակով պայմանաւորուած հրատապ ու կարեւոր քայլերու իրականացման նպատակով: