image

Անթալիոյ համաժողովին մասնակցութիւնը կախեալ է նաեւ հայ եւ թուրք բանագնացներու հանդիպումէն. Միրզոյեան

Անթալիոյ համաժողովին մասնակցութիւնը կախեալ է նաեւ հայ եւ թուրք բանագնացներու հանդիպումէն. Միրզոյեան

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Փետրուար 24-ին Վիեննայի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու հանդիպման արդիւնքներէն մեծապէս նաեւ կախուած է Երեւանի որոշումը` ընդունի՞լ, թէ՞ ոչ Անթալիոյ դիւանագիտական համաժոողովին մասնակցելու հրաւէրը:

Արտաքին գործուց նախարարը յստակացուց, որ Անգարան հրաւէր յղած է իր եւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի անունով: «Որոշում իսկապէս չկայ», վստահեցուց Միրոզեան:

Միրզոյեանի փոխանցմամբ, Երեւանը Վիեննայի բանակցութիւններէն կ'ակնկալէ առարկայական քննարկումներ` ուղղուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման. «Պաշտօնական Անգարայէն այս մասին եկող ազդակները, ուղերձները, ակնարկները առաւելապէս դրական են, մեր ակնկալիքներն ալ այդպիսին են»: