image

Անտեղի եւ անպատկառ խօսքեր. Անթիլիաս խստօրէն դատապարտեց կատարուած գրառումը

Անտեղի եւ անպատկառ խօսքեր. Անթիլիաս  խստօրէն դատապարտեց  կատարուած գրառումը

 

Կը գրեմ ձեզի յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն, ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռոյ ողջ Միաբանութեան։

 Քիչ առաջ, ընկերային ցանցերու վրայ խոր ցաւով եւ ընդվզումով կարդացինք անպատկառ մէկ յայտարարութիւնը մի ոմն Վաչէ Բրուտեան կոչեցեալին, ինչ որ կ՚իմանանք Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Դաշնակցութեան անդամ է։ Նշեալ անձը նմանօրինակ անպատասխանատու յայտարարութիւն կատարած է մօտիկ անցեալին եւս։

Առ այդ, կը պահանջենք ձեզմէ, որ պատժական եւ կարգապահական հարկ եղած տնօրինումները կատարէք։

 

ՏԱՃԱՏ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Կաթողիկոսարանի դիւանապետ

 

Խմբագրութեանս կողմէ Յ.Գ.Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետին    խստաոճ  յայտարարութիւնը    կը վերաբերի    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին   Աթոռակից մը ընտրելու  անտեղի  եւ անպատկառ յայտարարութեանց, որոնք  ժամեր առաջ երեւցած էին ընկերային ցանցերու վրայ եւ  այդ գրառումին հիմնական պատճառը  հովուական  այցով Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան  Թեմ գտնուող Վեհափառ Հայրապետին  ՀՀ Դեսպանատուն տուած  այցն  էր։