image

Աննախադէպ. Կիպրոսի հիւսիսային շրջանին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է

Աննախադէպ. Կիպրոսի հիւսիսային շրջանին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է

Կազմակերպութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիպրոսի Հայոց Թեմին այսօր առաւօտուն Սուրբ Պատարագ մատուցուած է Նիկոսիոյ սահմանային հատուածին վրայ գտնուող (Հիւսիսային Կիպրոս) Սուրբ  Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ կիպրահայ համայնքի անդամներ փութացած են Վիքթորիա շրջանը, ուր կը գտնուի մեր եկեղեցին ու մասնակից դարձած են Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեանի կողմէ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ պատարագին։

 

 «Արեւելք»ի Նիկոսիոյ աղբիւրին հաղորդմամբ արարողութեան ներկայ եղած են Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան, ազգային միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքի անդամներ։ 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Հիւսիսային Կիպրոս ապրող հայ հայրենակիցներ, որոնց համար արարողութեան մասնակցութիւնը բնականաբար մեծ բաւարարութիւն եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Վիքթորիա շրջանը, որուն միւս հատուածը կը հասնի Հարաւային Կիպրոսի  շրջան եղած է հայահոծ շրջան մը, ուր հարիւրաւոր հայեր մինչեւ Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ ներխուժումը կը բնակէին այդ շրջանին մէջ։

 Սոյն պատարագը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ, ու յատկապէս վերջին ամեակներուն համայնքի անդամներ գլխաւորութեամբ կրօնական ներկայացուցիչներու կարողացած են հատել սահմանը եւ կատարել կրօնական-տօնական արարողութիւններ։