image

Անի Զալինեան՝ Հոլանտայի խորհրդարանի առաջին հայազգի երեսփոխան

Անի Զալինեան՝ Հոլանտայի խորհրդարանի առաջին հայազգի երեսփոխան

Հոլանտայի (Նետըրլենտի) խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով Անի Զալինեանը ստացած է պատգամաւորական մանտաթ՝ դառնալով առաջին հայ ներկայացուցիչը Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ։

Այս մասին յայտնած է «Նիտերլանտական օրագիր» կայքը։

Այս նշանակալի առիթով Անի Զալինեանին շնորհաւորանքներ յղած են շարք մը հայկական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։

Անի Զալինեան առաջադրուած էր GroenLinks-PvdA դաշինքին կողմէ։ Անոր ընտրուիլը կը խորհրդանշէ ազգային բազմազանութեան եւ ներգրաւուածությեան կարեւոր յառաջընթաց Հոլանտայի քաղաքական դաշտին մէջ։

Խորհրդարանական ընտրութիւնները Հոլանտայի մէչ կայացած էին 29 Հոկտեմբերին։ Ըստ նախնական տուեալներուն՝ ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած է «Դեմոկրատներ 66» կուսակցութիւնը, ստանալով խորհրդարանի 150 տեղերէն 27-ը։

Ծայրայեղ աջակողմեան «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը որ քանի մը տասնորդական տոկոսով քիչ ձայն հաւաքած է, նոյնպէս պէտք է ստանայ 27 տեղ։  Երրորդ տեղը կը զբաղեցնէ աջ-լիպերալ Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ժողովրդական կուսակցութիւնը, որ պիտի ստանայ 22 մանտաթ։ GroenLinks-PvdA դաշինքը, որով Անի Զալինեան պատգամաւորի մանտաթ ստացած է, խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 20 տեղ։ Նախորդ ընտրութիւններուն արդիւնքներով դաշինքը Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ 25 տեղ ունէր։