Թուրքիան միշտ աջակցած է եւ կ'աջակցի Ատրպէյճանին իր արդարացի պայքարին մէջ։ Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է։ Ինչպէս տեղեկացուցած է APA-ն, այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղչի՝ մեկնաբանելով «Հայաստանի ցուցաբերած դիրքորոշումը Ատրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ»։
Դեսպանն ըսած է, որ «Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմն աւարտած է Ատրպէյճանի յաղթանակով», ուստի «այսուհետեւ անհրաժեշտ է քննարկել տարածաշրջանի բարեկեցութիւնը, անվտանգութիւնը, ապագան։ Անոր համար նաեւ անհրաժեշտ է վերադառնալ բանակցութիւններուն։ Մենք պէտք է քննարկենք խաղաղութիւնը, եւ ես կը հաւատամ, որ այդ տեղի կ'ունենայ»։
Յիշեցնենք, որ բացի Արցախի եւ Հայաստանի դէմ 2020-ի յարձակումներու ուղիղ մասնակցութենէն, Թուրքիան կազմակերպած է Արցախ Մերձաւոր Արեւելքէն վարձկաններ բերելը եւ Ատրպէյճանը զինած է արգիլուած զէնքով։