Սեպտեմբեր 29-ին պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի մօտ բողոքի ցոյց իրականացնող անհետ կորսուած զինծառայողներու ծնողները ընդունած է Ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանը, հանդիպումը տեւած է քանի մը ժամ: Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը։
Ներկայացնելով իրավիճակը Թորոսեանը յայտնած է, որ ցոյցի անմիջապէս մեկնարկին պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդիպման առաջարկ ներկայացուցած է նախարարի տեղակալ, միեւնոյն ժամանակ Գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուած (գտնուելու վայրն անյայտ) անձանց հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Արման Սարգսեանի, իսկ այնուհետեւ՝ ՀՀ Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի գլխաւոր վարչութեան պետ-զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետի տեղակալ, զօրավար-մայոր Թեմուր Շահնազարեանի հետ:
Ցոյցի մասնակիցները պնդած են, որ կ՚ուզեն հանդիպիլ Ընդհանուր սպայակոյտի պետի եւ Զինուած ուժերէն զօրացրուած շարք մը անձանց հետ:
«Յայտնենք նաեւ, որ ակցիայի մասնակիցների նկատմամբ Պաշտպանութեան նախարարութեան ծառայողները դրսեւորել են յարգալից վերաբերմունք, անոնց նկատմամբ բիրտ ուժի կիրառման դէպք չի արձանագրուել: Միաժամանակ անհրաժեշտ ենք համարում ընդգծել, որ ակցիայի որոշ մասնակիցներ ռազմական ոստիկանութեան ծառայողների ուղղութեամբ շշեր են նետել, ինչպէս նաեւ այլ առարկաներով տարբեր գործողութիւնների դիմել (տեսանիւթերն առկայ են), ինչին ի պատասխան՝ Ռազմական ոստիկանութեան ծառայողների գործողութիւնները շարունակել են մնալ յարգալից»,- ընկերային ցանցի էջերուն միջոցաւ յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակը: