Հրատապ լուրեր:

Ամսթրտամի «Սուրբ Հոգի» պատմական եկեղեցւոյ վերաբացման 33-րդ տարեդարձը

Ամսթրտամի «Սուրբ Հոգի» պատմական եկեղեցւոյ վերաբացման 33-րդ տարեդարձը

     Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ  արք.  Պարսամեան  կը շարունակէ  երեւելի   ճիգեր գործադրել   նոր եռանդ ապահովելու մասնաւորապէս  Արեւմտեան Եւրոպայի   կարգ մը   համայնքներու  մէջ,  որ երկար  ատենէ ի վեր կը համարուէին լուսանցքի վրայ ապրող  գաղութներ։ Այս առումով ալ ուրախալի օրեր եղած են Ամսթրատամի մէջ, ուր նշուած է տեղւոյն՝ «սուրբ հոգի» եկեղեցւոյ հիմնադրման 33-ամեակը։ 

Այս  մասին իմացանք «Արեւելք»ին ուղարկուած թղթակցութիւնէ, որ կը ներկայացնեք ստորեւ՝

 

19-20 Նոյեմբերին Ամսթրտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցին հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանը, որ ժամանած էր նախագահելու տեղի եկեղեցական համայնքի հիմնադրման 33-րդ տարեդարձին նուիրուած արարողութիւնները։

Նոյեմբերի 19-ին Սրբազան Հայրը նախ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի հետ: Յընթացս ընթրիքի՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տարօն ներկայացուց նորանշանակ ծխական խորհուրդի անդամները, որմէ ետք Սրբազան Հայրը ներկաներուն խօսեցաւ ծխական խորհուրդի կարեւորութեան եւ առաքելութեան մասին:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հետ հանդիպում: «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ ԱՅՈ երիտասարդաց միութիւնը դասախօսութիւն կազմակերպած էր պսակի խորհուրդի եւ յարաբերութիւններու մասին թեմայով: Խաժակ Սրբազանը հետաքրքիր կերպով, տարբեր օրինակներով ներկայացուց երիտասարդներուն ընտանիքի մոտելը, յարատեւ ու երջանիկ միութեան պահպանման գրաւականները: Հանդիպման սկիզբը ձեւաւորուեցաւ ազատ, անկեղծ ու անմիջական մթնոլորտ, որ առիթ հանդիսացաւ երիտասարդներուն անկաշկանդ յղել իրենց յուզող հարցերը եւ ստանալ սպառիչ պատասխաններ:

Նոյեմբերի 20-ին Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց: Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ եկեղեցին կառուցողներու եւ պատմութեան ընթացքին իրենց ծառայութիւնը հայ համայնքին ու եկեղեցւոյ պահպանման համար մատուցած ննջեցեալ հայորդիներու համար: Ապա կատարուեցաւ մատաղօրհնութեան աւանդական արարողութիւն, որուն յաջորդեց սիրոյ սեղանը: Ներկաները իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարեցին ի պահպանութիւն եւ ի պայծառութիւն «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ եւ ծխական համայնքի: