image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ը Պատասխանատու է

ԱՄՆ-ը  Պատասխանատու է

ԱՄՆ-ի թուային հարթակները ուղղակիօրէն պատասխանատուութիւն կը կրեն Ուքրանիոյ մէջ ազգայնականութեան խրախուսման համար: «Ռիա Նովոսթի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովա մեկնաբանելով «Մեթա» ընկերութեան յայտարարութիւնը:

«Այլատեացութիւնը սահմաններ չի ճանչնար, համացանցային այլատեացութիւնը՝ առաւել եւս: Երկար տարիներ ազգայնականութիւնը մշակուած է Ուքրանիոյ  մէջ եւ խրախուսուած Արեւմուտքի կողմէ: Ժամանակն է եզրակացութիւններ ընելու եւ օգտագործելու բոլոր միջոցները, առաջին հերթին՝ տեղեկատուութիւնը եւ դադրեցնել ատելութեան հրահրումը թուային հարթակներէ: Միացեալ Նահանգները ուղղակիօրէն պատասխանատու է Ուքրանիոյ մէջ ազգայնականութեան խրախուսման համար»,- գրած է Զախարովա իր թելեկրամեան ալիքով: