image

ԱՄՆ-ը կ՚աջակցի ԵՄ դիտորդական առաքելութեան Հայաստանի մէջ․ դեսպանութիւն

ԱՄՆ-ը կ՚աջակցի ԵՄ դիտորդական առաքելութեան Հայաստանի մէջ․ դեսպանութիւն

Միացեալ Նահանգները կ՚աջակցի Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան Հայաստանի մէջ:

Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն:

 

«Ազատութիւնը» մասնաւորապէս հետաքրքրուած էր դեսպանութենէն, թէ հնարաւ՞ր է արդեօք Միացեալ Նահանգները եւս միանայ դիտորդական առաքելութեան՝ հաշուի առնելով, որ կան հաւաստի տեղեկութիւններ Եւրոմիութեան առաքելութեան ընդլայնման վերաբերեալ։

 

Դեսպանատունէն միայն նշած են, որ կ՚ողջունեն գործընկերներու, այդ շարքին՝ Եւրոմիութեան ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ փոխվստահութիւն կառուցելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան համար կառուցողական մթնոլորտ ապահովելու հարցով։

«Միացեալ Նահանգները ամուր աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», -ըսուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան պատասխանին մէջ։

 

Հոկտեմբեր 26-ին Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Ճոշուա Հաքի եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինի հետ, որմէ ետք առաքելութիւնը յայտնած է, թէ կողմերը քննարկած են Եւրոմիութեան առաքելութեան մանթատն ու հայ-ատրպէյճանական սահմանի անվտանգային զարգացումները։