image

ԱՄՆ-ը հնարաւոր է շտապօգնութեան զրահապատ մեքենաներ տրամադրէ Հայաստանին․ դեսպան

ԱՄՆ-ը հնարաւոր է շտապօգնութեան զրահապատ մեքենաներ տրամադրէ Հայաստանին․ դեսպան

Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանը շատ աշխուժ եւ բովանդակալից քննարկումներ կ՚ունենան անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ, «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քուինը։

Հարցին, թէ կա՞յ քննարկում ԱՄՆ-էն Հայաստան զէնք ու ռազմամթերք մատակարարելու շուրջ, դեսպանը պատասխանած է․

«Մենք շարունակական քննարկում ունինք, թէ ինչ կրնայ Հայաստանին անհրաժեշտ ըլլալ ռազմական ոլորտի մէջ։ Արդէն պայմանաւորուած ենք քանի մը բանի շուրջ։ Այդ պայմանաւորուածութիւններէն մէկ բան կրնամ առանձնացնել՝ Հայաստանը խնդրած էր շտապօգնութեան զրահապատ մեքենաներ, որոնցով անոնք կրնան մտնել հակամարտութեան տարածք, եւ այդ մեքենաներով տեղափոխուող մարդիկ պաշտպանուած կ՚ըլլան: Մենք արդէն պայմանաւորուած ենք, որ առաջ պիտի երթանք այս հարցով, եւ այժմ կ՚աշխատինք մատակարարման իրագործման եղանակներու վրայ, որ կարողանանք տրամադրել այդ օգնութիւնը»։