image

ԱՄՆ-ը եւ Հարաւային Քորէա կ՚ուզեն արգելափակել նաւթի մատակարարումները Հիւսիսային Քորէա

ԱՄՆ-ը եւ Հարաւային Քորէա կ՚ուզեն արգելափակել նաւթի մատակարարումները Հիւսիսային Քորէա

ԱՄՆ-ն եւ Հարաւային Քորէան ստեղծած են նոր աշխատանքային խումբ, որու նպատակն է թոյլ չտալ Հիւսիսային Քորէային նաւթ ստանալ՝ շրջանցելով ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները, յայտնած է Reuters-ը։

«Նաւթը կարեւոր միջոց է Հիւսիսային Քորէայի միջուկային եւ հրթիռային զարգացման ու անոր ռազմական հզօրութեան համար»,-ըսուած է Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Այդ կապակցութեամբ Սէուլն ու Ուաշինկթընը մտահոգութիւն յայտնած են Հիւսիսային Քորէային ռուսական նաւթի հնարաւոր մատակարարումներու կապակցութեամբ։ Քննարկուած են Մոսկուայի եւ Փհենեանի միջեւ համագործակցութիւնը դադրեցնելու հնարաւորութիւնները, կը դիտարկուին երկրորդական պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ մասնաւոր հատուածի եւ երրորդ կողմերու վրայ վերահսկողութեան սահմանումը:

Հիւսիսային Քորէայի միջուկային զէնքի եւ հրթիռային ծրագրերու նկատմամբ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի սահմանած պատժամիջոցներու համաձայն՝ երկրին կը թոյլատրուի տարեկան ներմուծել ընդամէնը 4 միլիոն պարել հում նաւթ եւ 500.000 պարել նաւթամթերք:

Առեւտրային արբանեակային պատկերները ցոյց կու տան, որ հիւսիսքորէական նաւթային լցանաւերը, ներառեալ պատժամիջոցներու ենթարկուած որոշ նաւեր, վերջին շաբաթներուն ժամանած են ռուսական նաւահանգիստներ: