Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ։ Ստորագրուած է Ուքրանիոյ 270 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւն յատկացնելու մասին փաստաթուղթը, այդ շարքին չորս HIMARS հրթիռային կայաններ, ուղարկուածներու թիւը հասցնելով 20-ի: Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Ճոն Քիրպին:
Անոր խօսքով՝ օգնութիւնը պիտի ներառէ նաեւ 500 շարժական անօդաչու թռչող սարք եւ 36 000 հրետանային զինամթերք:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքովը վերջես յայտնած էր, որ Ուքրանիան յոյս ունի, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի տրամադրէ մինչեւ 100 HIMARS համակարգեր: