image

ԱՄՆ փոխհատուցում պիտի վճարէ Իրանին

ԱՄՆ  փոխհատուցում  պիտի վճարէ Իրանին

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը մասնակիօրէն բաւարարած է Իրանի հայցն ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու՝ երկրի օտարերկրեայ աւանդներու սառեցման հարցի վերաբերեալ։ Այժմ Ուաշինկթըն պէտք է փոխհատուցում վճարէ Թեհրանին։ Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մամուլի ծառայութիւնը:

Դատարանը կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգները, սառեցնելով Իրանի օտարերկրեայ աւանդները, խախտած է երկիրներու միջեւ 1955 թուականի բարեկամութեան պայմանագրով ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Արդարադատութեան միջազգային դատարանի դատաւորները վճիռ կայացուցած են այս գործով եւ համաձայնած Իրանի այն փաստարկներու հետ, որ Միացեալ Նահանգները խախտած է այս երկու պետութիւններու միջեւ Բարեկամութեան, տնտեսական յարաբերութիւններու եւ հիւպատոսական իրաւունքներու պայմանագրի շարք մը կէտերով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները։

«Դատարանը կը գտնէ, որ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է փոխհատուցում վճարել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջազգային պարտաւորութիւններու խախտման հետեւանքներու համար…»,-ըսուած է ՄԱԿ-ի դատարանի որոշման մէջ։

Դատարանը Ուաշինկթընը պարտաւորեցուցած է փոխհատուցում վճարել Թեհրանին՝ իրանեան որոշ ընկերութիւններու աւանդներու սառեցման համար։ Փոխհատուցման վճարման չափը եւ կարգը երկիրները պէտք է որոշեն իրար միջեւ:Արդարադատութեան միջազգային դատարանը որոշած է, որ Իրանին տրուող փոխհատուցման չափի հետ կապուած հարցը կողմերը պէտք է լուծեն վճռի հրապարակման օրէն 24 ամսուան ընթացքին։ 

Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները պարտադիր են եւ ենթակայ չեն բողոքարկման: Միեւնոյն ժամանակ, դատարանը չունի որեւէ մեխանիզմ՝ ստիպելու երկրներուն կատարել այդ որոշումները։ Նախապէս ե՛ւ Միացեալ Նահանգները, ե՛ւ Իրանը արդէն անտեսած են ՄԱԿ-ի արդարադատութեան դատարանի այլ որոշումներ։