Ամերիկեան ուղղաթիռը հարուածած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման բարձրաստիճան առաջնորդը

Ամերիկեան ուղղաթիռը հարուածած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման բարձրաստիճան առաջնորդը

Ամերիկեան ուղղաթիռը հարուածած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման բարձրաստիճան առաջնորդը։

ԱՄՆ-ի կեդրոնական հրամանատարութեան ներկայացուցչի խօսքով՝ երկուշաբթի վաղ առաւօտեան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը Միացեալ Նահանգներու զինուժի ուղղաթիռի յարձակման թիրախ դարձած է ՏԱՀԷՇ-ի բարձրաստիճան ղեկավարը, որ նաեւ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրողներէն մէկն էր: Այս մասին հաղորդած է CNN-ը։

«Մենք կը կարծենք, որ յարձակումին սպանուած է Սուրիոյ մէջ  «Իսլամական պետութիւն» բարձրաստիճան ղեկավարն ու դաշտային ծրագրողը, որ պատասխանատու էր Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ ահաբեկչական յարձակումներ ծրագրելու համար», -ըսած է գնդապետ Ճօ Պուչինոն:

Պուչինոն ըսած է, որ երկու այլ զինուած անձ նոյնպէս սպանուած է յարձակման ժամանակ:Ամերիկեան զինուժէն ոչ ոք  վիրաւորուած է եւ ոչ մէկ ուղղաթիռ խոցուած է:

Մէկ շաբաթ առաջ ԱՄՆ-ն ուղղաթիռով հերթական գրոհի ժամանակ Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ գերի վերցուած էր  «Իսլամական պետութիւն» զինեալ մը եւ  երկու համախոհ, յայտնած է ԱՄՆ-ի կեդրոնական հրամանատարութիւնը: