image

ԱՄՆ-ն Կազայի ափերու մօտ 320 միլիոն տոլար արժողութեամբ լողացող նաւամատոյց կը կառուցէ (Լուսանկարներ)

ԱՄՆ-ն Կազայի ափերու մօտ 320 միլիոն տոլար արժողութեամբ լողացող նաւամատոյց կը կառուցէ (Լուսանկարներ)

Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը հրապարակած է Կազայի ափերու մօտ ԱՄՆ զինուորականներու կողմէ կառուցուող լողացող նաւամատոյցի պատկերները. նաւամատոյցը, աշխատանքներու աւարտելուն պէս, կոչուած է օգնելու՝ Կազայի սովահար բնակչութեան անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու գործին, գրած է CNN-ը:

Ծովուն մէջ ժամանակաւոր նաւամատոյցի շինարարութիւնը սկսած է անցեալ շաբաթ, եւ հրապարակուած լուսնակարները ցոյց կու տան, որ ռազմական նաւերու անձնակազմը կը կառուցէ հարթակը: Փենթակոնի մամուլի քարտուղարի տեղակալ Սարպինա Սինկհը յայտնած է, որ նաւամատոյցի կառուցման ծախսերուն համար ԱՄՆ նախատեսած է մօտ 320 միլիոն տոլար:

Անցեալ շաբաթ բարձրաստիճան զինուորականներէն մէկը ըսած է, որ ԱՄՆ-ն «նպատակ ունի մայիսի սկիզբը ծովէն Կազա մարդասիրական օգնութեան մատակարարում սկսիլ». այն պիտի սկսի օրական 90 բեռնատարի համարժէք օգնութենէն, այնուհետեւ արագ պիտի հասցուի մինչեւ օրական 150 բեռնատար մեքենայ ծաւալի։