image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն անկում ապրող երկիր է. Թրամփ

ԱՄՆ-ն անկում ապրող երկիր է. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախկին առաջնորդ Տանըլտ Թրամփ, որ կրկին կը յաւակնի նախագահի պաշտօնին, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները կորսնցուցած է իր կամքն ու նախկին ուժը։ 

«Մենք անկում ապրող երկիր ենք, մենք երկիր ենք, որ կորսնցուցած է վստահութիւնը, կամքն ու ուժը: Մենք երկիր ենք, որ պարզապէս կորսնցուցած է իր ճանապարհը», -ըսած է Թրամփ կիրակի՝ 21 յունուարին, Նիւ Հեմփշիրի մէջ իր կողմնակիցներու առջեւ ելոյթ ունենալու ժամանակ:

Ան խոստացած է, որ եթէ յաղթէ 2024 թուականի նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, Միացեալ Նահանգները «կրկին հզօր երկիր պիտի դառնայ»։

«Մենք պիտի պայքարինք Ամերիկայի համար այնպէս, ինչպէս նախապէս ոչ ոք ըրած է: 2024 թուականը պիտի ըլլայ մեր վերջին ճակատամարտի տարին»,- խոստացած է Թրամփ։

Յունուար 23-ին Նիւ Հեմփշիրի պիտի կայանայ հանրապետականներու նախնական ընտրութիւններուն (փրայմըրիզ)։ Նիքի Հէյլին Թրամփի գլխաւոր մրցակիցն է Հանրապետական կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու առաջադրուելու համար՝ գործարար Վիւէք Ռամասուամիի, Նիւ Ճըրզիի եւ Արքանզասի նախկին նահանգապետեր Քրիս Քրիսթիի եւ Ասա Հաթչինսընի եւ Ֆլորիտայի նահանգապետ Ռոն ՏեՍանթիսի դուրս գալէն ետք։