ԱՄՆ իշխանութիւնները Յունուար 22-էն մտադիր են պատուաստման մասին հաւաստագրի տրամադրման պահանջ տարածել այն օտարերկրացիներուն վրայ, որոնք երկրի ցամաքային սահմանը կը հատեն ըստ անհրաժեշտութեան, այլ ոչ թէ զբօսաշրջութեան նպատակով:
Այդ խմբակին մէջ կը դասուին արտասահմանեան պետութիւններու քաղաքացիները, որոնք հարկադրուած են սահման հատել ծառայողական պատճառներով, որոնց շարքին են հեռագնայ վարորդները, արտասահմանյան պետութիւններու եւ անոնց՝ տարբեր արտակարգ պատահարներու դէմ պայքարի մարմիններու ներկայացուցիչները:
Կեցութեան վկայագիր ունեցողներուն կանոնը չի վերաբերիր: Հաւաստագիր պիտի պահանջուի նաև ջրային սահմանները հատելու: Մանրասմասները պաշտօնապէս պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:
Նոյեմբեր 8-ին ԱՄՆ սկսած է երկիր ժամանող օտարերկրացիներէն պահանջել վկայական «Քովիտ»ի դէմ լրիւ պատուաստում անցնելու մասին: Կ'ընդունուին սոսկ այն պատրաստուկներով պատուաստման մասին տեղեկանքները, որոնք հաւանութեան արժանացած են ԱՄՆ-ի բժշկական կարգաւորիչի կամ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) կողմէ: